Armenian Renaissance - Lebanon & Middle East Chapter

Armenian Renaissance - Lebanon & Middle East Chapter Հայկական Վերածնունդ-Լիբանանի Մասնաճիւղ
Հայկական Վերածնունդը Համասփիւռքեան շարժում է...

Armenian Renaissance is a Diaspora grass-roots movement aimed at maximizing the engagement of the Diaspora in the development of Armenia's statehood as the prime asset of our nation. The movement believes it can achieve this goal by organizing the Diaspora to assist and empower civic movements and reform groups in Armenia, and generally to optimize the diaspora's human potential in support of the

homeland.

Առաքելութիւն

Հայկական Վերածնունդը սփիւռքեան քաղաքացիական շարժում է, որ կը նպատակադրէ սատարել՝ Հայաստանի մէջ ճշմարիտ ներկայացուցչական կառավարութեան եւ օրէնքի գերիշխանութեան առաջացմանը: Ան հետամուտ է Սփիւռքի կողմէ առաւելագոյն յանձնառութեան՝ երաշխաւորելու համար ապահով, հզօր ու բարգաւաճ հայկական պետութիւն մը:

Շարժման մասնակիցները կը հաւատան թէ այս նպատակին կրնանք հասնիլ զոյգ ճանապարհով – (1) Սփիւռքի վերակազմաւորմամբ՝ այնպէ՛ս բարելաւելով անոր մարդկային ներուժի օգտագործումը որ օժանդակէ Հայաստանին՝ յաղթահարելու ներքին և արտաքին մարտահրաւէրները, եւ (2) Սերտ կապերու հաստատմամբ՝ թիկունք կանգնելով Հայաստանի քաղաքացիական առողջ, ողջամիտ շարժումներուն ու բարեշրջման ձգտող այլ խմբաւորումներուն:
«Հայկական Վերածնունդ»-ը (Armenian Renaissance) սփիւռքեան քաղաքացիական շարժում մըն է, որը կը նպատակադրէ սփիւռքի յանձնառութիւնը առաւելագոյնս ծառայեցնել մեր ազգի ամենաթանկ հարստութեան` Հայաստանի պետականութեան զարգացման:

Շարժումը կը հաւատայ, որ այս նպատակը իրականացնելու ճանապարհը սփիւռքի մարդկային կարողականութիւնը ամենաարդիւնաւէտ ձեւով Հայաստանի ի սպաս դնելն է, օգնելով անոր` յաղթահարելու իր ներքին և արտաքին մարտահրավերները, ինչպէս նաև հայրենի քաղաքացիական շարժումներու եւ այլ բարեփոխական խումբերու հետ սերտ կապեր հաստատելը:
Անդամ կրնան դառնալ 18 տարիքը բոլորած հայ անձեր` առանց սեռի, կրօնքի, դաւանանքի կամ քաղաքական-ընկերային համոզումներու կամ բնակութեան վայրի խտրութեան:

«Պատմութենէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւն՝ը»
Պատմութենէն դասե՝ր քաղել կը նշանակէ կարողանալ ազնիւօրէն ուժերը հաւաքել եւ վճռականօրէն վերածնիլ ու բարձրանալ:
«Հայկական Վերածնունդ« Սփիւռքեան շարժումը, կազմակերպութիւնը կը հաւատայ եւ կը կարեւորէ, որ պէտք է սկսիլ վարկեան մը առաջ «ՆՈՐ՝» մտածելակերպով եւ նոր Հայաստան կառուցելու տեսլականով եւ այս մտքի ու գաղափարի շուրջ պէտք է հաւաքուին բոլոր ազնիւ մտաւորականները, մասնագէտները, բոլոր առողջ ուժերը, եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը:
Նկատի ունենալով, որ մեզ պէտք են այսօր հայամետ՝ ուժեր:
Եթէ համաձայն եք, ուրեմն ձայն հանէք՝:

Անոնք որոնք կը փափաքին իրենց մասնակցութիւնը բերել «Հայկական Վերածնունդ» շարժումէն ներս, կը խնդրենք կապի մէջ մնալ:

Address

Beirut

Telephone

00961 3 349060

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Armenian Renaissance - Lebanon & Middle East Chapter posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to Armenian Renaissance - Lebanon & Middle East Chapter:

Share